ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷ ԵԼՔԻ ՏՕՆԸ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքը յիշատակուեցաւ աւանդական շուքով։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Պատարագիչն էր Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ներկայ էին Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կարպիս Սրկ. Չիչեքեան եւ այլ դպիրներ։ Հանդիսադիր հայր սուրբը տուաւ օրուան պատգամը։

Արարողութուններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ հաւաքոյթին ժամանակ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հոգեւոր հայրերն ու ներկայ հաւատացեալները։ Այս առթիւ բոլորը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուցին ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր գործակից ընկերները, որոնց ջանքերուն շնորհիւ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին վերջին տարիներուն շէնցած է աննախընթացօրէն։ Գուզկունճուքի մէջ կը տիրէ հոգեւոր հրճուանք, ոգեւորութիւն եւ այս բոլորը կ՚ըլլան շնորհիւ թաղային խորհուրդի ջանքերուն։ Եկեղեցին շատ խնամուած վիճակի մը մէջ է, բայց խնդիրը միայն ֆիզիքական պայմաններով սահմանափակուած չէ, այլ այնտեղ ստեղծուած աշխուժութեան շնորհիւ, Գուզկունճուքի եկեղեցին դարձած է բազում ուխտաւորներու ժամադրավայրը, ուր անոնք կը գտնեն հոգեւոր մխիթարութիւն։ Ուստի, բոլոր ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին Եդուարդ Այվազեանին եւ իր գործակից ընկերներուն։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին ալ պիտի նշուի Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 184-րդ տարեդարձը։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019