ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Զրոյցի ընթացքին Սահակ Սարգսեան եւ Նաղաշ Յակոբեան շնորհաւորութիւններ յղեցին նորին սրբազնութեան՝ տեղապահ ընտրուելուն կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր նոր առաքելութեան մէջ։ Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնն ալ ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց շնորհաւորութիւններուն համար եւ փոխադարձեց։

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան զանազան նիւթերու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019