ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԿԸ ԲԱՆԻ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի թեւակոխած ներկայ փուլին կապակցութեամբ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Այս առթիւ տեղեկացանք, որ Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստի գումարման զուգահեռ՝ անմիջապէս անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցուած են պատկան իշխանութիւններուն։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ընտրութեան գործընթացին կապակցութեամբ երէկ հերթական անգամ տեղեկութիւն մը փոխանցուած է Իսթանպուլի կուսակալութեան։

Այս պաշտօնական տեղեկանք-նամակի բովանդակութեան մէջ նշուած է, որ կազմուած է Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանը։ Նախապէս Նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման ու անոր կազմին մասին ուղարկուած տեղեկութիւններէն վերջ, այս անգամ ալ պետութիւնը իրազեկուած է անոր առաջին ժողովի գումարման, դիւանի ձեւաւորման եւ այդ ձեւաւորուած դիւանի կազմին անուններուն շուրջ։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի կողմէ ստորագրուած է այդ նամակը։

«Նամակը Պատրիարքարանի միջոցներով ուղարկուեցաւ նահանգապետարան։ Անոր կուսակալութեան մօտ ընդունման եւ արձանագրութեան վերաբերեալ համարն ալ արդէն առնուած է։ Սա Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի կազմութեան վերաբերեալ նամակն էր, հետեւաբար մեր եւ պարոն ատենապետի համատեղ ստորագրութեամբ ուղարկուեցաւ։ Գործընթացի շարունակութիւնը արդէն յառաջ կը տարուի Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ», մեզի յայտնեց նորին սրբազնութիւնը։

Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստէն վերջ, ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, ժողովականները խորապէս տպաւորուած ու խը-րախուսուած են Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի վերաբերմունքով։ Այս կապակցութեամբ շօշափեցինք նաեւ նորին սրբազնութեան կարծիքը։ Ան ըսաւ հետեւեալը. «Նախաձեռնարկ մարմնի պա-րագային մեր ուզածը արդէն կատարուած է։ Մենք կողմնակից չէինք հին կազմի փորձառութեան ամբողջովին մսխուելուն։ Ուստի, յարմար դատած էինք, որ հին կազմէն խնդրայարոյց անունները դուրս մնան, սակայն այդ բանը չըլլար՝ ի հաշիւ ամբողջ փորձառութեան մէկ կողմ թողուելուն։ Մեր փափաքը նաեւ այն էր, որ մեր համայնքի խոստմնալից երիտասարդները ստանձնէին պատասխանատուութիւն այս կարեւոր փուլին։ Ի վերջոյ, փառք Աստուծոյ, այդպէս ալ եղաւ։ Նախաձեռնարկ մարմնին մէջ այժմ կան հին շրջանէն թէեւ փորձառու, սակայն ոչ խնդրայարոյց դէմքեր։ Եւ անոնց առընթեր կան շատ արժէքաւոր, ողջունելի երիտասարդ անուններ։ Սա արդէն լաւ է եւ մեր օրհնութիւնը միշտ իրենց հետ է։

«Նայեցէք, Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստին առթիւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նկարահանուած խմբանկարը շատ յատկանշական է։ Այդ դրուագը ունի իր պատգամը։ Այնտեղ առաջին շարքի վրայ նստած են իգական սեռի անդամուհիները եւ անոնց ետեւը շարուած՝ այրերը։ Այս պատկերէն կը ցոլանայ, որ բաներ մը պիտի փոխուին այս համայնքին մէջ»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԲԱՆԲԵՐԸ

Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստէն վերջ զրուցեցինք նաեւ՝ բանբերի պաշտօնին կոչուած իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի հետ։ Այս առթիւ ան մեզի յայտնեց, որ առաջին ժողովի ընթացքին բոլորին ուշադրութիւնը նախ եւ առաջ կեդրոնացած էր դիւանի կազմութեան վրայ։ Հետեւաբար, Նախաձեռնարկ մարմինը տակաւին չէ սկսած լիարժէք քննարկել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ բո՛ւն օրակարգային նիւթերը։ Յաջորդ նիստէն սկսեալ, անշուշտ, կարգը պիտի գայ այդ բուն աշխատանքին։ Ենթադրելի է, որ թեքնիկ եւ վարչական բնոյթով բաւական ծանրաբեռնուած օրակարգ մը պիտի գտնուի Նախաձեռնարկ մարմնին առջեւ։ Առաջին ժողովին ժամանակ, թէեւ հիմնական ուշադրութիւնը դիւանի կազմութեան վրայ կեդրոնացուեցաւ, սակայն Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները առանձին կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափին մէջ, ամփոփ ձեւով ծանօթացան իրարու մօտեցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունի ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման խնդիրը։

«Ես առաջին ժողովի լոյսին տակ ուրախացուցիչ կը նկատեմ գլխաւոր պարագայ մը։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմնի բոլոր անդամները կը բաժնեն նոյն ուղղութիւնը, դէմ են ժամանակ կորսնցնելու եւ ընդհանրապէս կը հաւատան համախոհութեան։ Այս բոլորը մեր յաջողութեան համար կարեւոր գրաւականներ են», մեզի յայտնեց Սարօ Պենկլեան։

Հարկ է նշել, որ Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովները տեղի պիտի ունենան իւրաքանչիւր երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ, շաբաթական դրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019