«ԼԻՊՐԱ»ԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

«Լիպրա» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է Էզկի Եըլտըրըմ։ «Kitapçı Arakel'in Kataloglarında "Tercüme" Eserlerin Tanıtımı» կը կոչուի այս գիրքը, որու բովանդակութեան մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուած է 19-րդ դարու յառաջատար հրատարակիչներէն Առաքել Թոզլեան էֆէնտիի գործունէութեան վրայ։ Գիրքի բովանդակութեան առանցքը կը կազմեն Առաքել Թոզլեանի գրախանութի գիրքերու ցուցակները։ Այս աշխատութիւնը կը ցոլացնէ, թէ Օսմանեան շրջանի թարգմանական գործերը ինչպէս կը ներկայացուէին ընթերցողին եւ այդ գիրքերու ենթաբացատրութիւնները ինչ տեղեկութիւններ կը բովանդակէին։ Պապըալիի գրավաճառութեան պատմութեան վրայ լոյս սփռելու առընթեր այս գիրքը հետքեր կը բովանդակէ համանուն պողոտայի վրայ գործող այլ բնագաւառներէ մարդոց մասին. օրինակ՝ նպարավաճառ, նկարիչ, խմորավաճառ, լուսանկարիչ եւ այլն։

«Լիպրա»ի մշակութային ուսումնասիրութիւններու շարքի 49-րդ գիրքը կը հանդիսանայ այս մէկը։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Ճեւտէթ Մեհմէտ Քէօսեմէնի կողմէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020