Երկուշաբթի 7, Հոկտեմբեր 2024
ՆԱՏԻԱ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ՎԱՂԸ ՀՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ
Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն խոր ցաւ կ՚ապրին Նատիա Կիւլմէզկիլի անժամանակ մահուան հետեւանքով։ Ինչպէս այսօր մամուլին մէջ լոյս տեսած ընտանեկան մահազդով հրապարակուած է՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը, ժամը 14.00-ին, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Կը նախատեսուի, որ յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցի իր վերջին հրաժեշտին։
Մինչ այդ, հանգուցեալին ամուսինը՝ յայտնի համայնքային բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ վերջին օրերուն բարոյական զօրակցութեան առարկայ կը դառնայ՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024