ԱՆԿԵՂԾ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ նախընթաց օր պարգեւատրուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Այսպէս, իրեն վերապահուած էին երկու պարգեւներ։ Այդ պարգեւներէն մին նախատեսուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին կողմէ, իսկ միւսը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ։ Քաղաքապետարանի պարգեւը նախատեսուած էր տեղւոյն հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս քաղաքին բերուած ներդրումին բերումով։ Իսկ թեմի պարգեւը գնահատանքն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի տիկնանց հանգանակիչ միութեան կողմէ կազմակերպուած համերգին Սիպիլի կողմէ բերուած սիրայօժար մասնակցութեան։

Արեւմտեան թեմէն ներս կազմակերպուած պարգեւատրման հանդիսութիւնը վերածուեցաւ Սիպիլի նկատմամբ մեծ համակրանքի մը արտայայտութեան։ Յայտնի արուեստագիտուհիին նկատմամբ ցուցաբերուեցաւ անկեղծ մեծարանք։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց Սիպիլը, որու գեղարուեստական յանձնառութիւնը ամէնուրեք բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ աշխարհի հայութեան կողմէ։

Այս առթիւ Սիպիլ հատեց նաեւ իրեն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը ծափողջոյններու ներքեւ։

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2019