«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ՝ «ԱՆՑՈՒԿԸ ՄՈՌՑՈՒԿ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Անցուկը մոռցուկ. պոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ» գիրքը։ Բժիշկ, բանասէր Վահրամ Թորգոմեանի յուշագրութեան հիման վրայ պատրաստուած է այս հատորը, որու հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան։ Այս ծրագիրով խնամակալութիւնը կ՚ոգեկոչէ հեղինակը, որ հաստատութեան արժանաւոր սաներէն է։

Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան, որ գրի առած է նաեւ յառաջաբանը՝ «Բանասէր յուշագրողը» խորագրով։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան՝ Թորգոմեաններու ընտանեկան լուսանկարներէն մէկուն օգտագործումով։

Վահրամ Թորգոմեան այս թանկագին յուշագրութեան գրառումը վերջացուցած է 1942-ին, իր մահէն քանի մը ամիս առաջ։ Սկզբնապէս Փարիզի Նուպարեան մատենադարանին մէջ ի պահ դրուած ձեռագիրը յետագային յանձնուած է Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, ուր ալ կը մնայ ցայսօր։ Այս յուշագրութենէն զանազան հատուածներ լոյս տեսած են այլ եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ կամ տպուած է որպէս թերթօն։ Առանձին հատորով մը, ամբողջական ձեւով ներկայիս առաջին անգամ տպուած է «Արաս»ի կողմէ։ Գրուածքը բաժիններու տրոհուած եւ իւրաքանչիւրին պարագայական վերնագրեր տրուած է հրատարակչութեան կողմէ, ընթերցումը մատչելի դարձնելու նպատակով։ Այս ամբողջ աշխատանքը կատարելու ժամանակ մեկնակէտ եղած է յուշագրութեան ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը, զոր իրականացուցած է հեղինակին թոռը՝ Սիմոն-Տընի Թորգոմեան։ Տողատակի ծանօթագրութիւնները, եթէ այլ նշում մը կատարուած չէ, կը պատկանին հեղինակին։ Գիրքի հրատարակութեան պատրաստութեան ժամանակ նուազագոյն չափով միջամտուած է բնագրին, բաւարարուելով պարզ ուղղումներով։ Հատորին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Թորգոմեանի «Յուշատետրէս» յուշագրութեան, որ տպուած է շրջանի պարբերական մամուլին մէջ։

Վստահաբար ընթերցասէրներ մօտիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն սոյն գիրքին նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020