ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՊՍԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ շաբաթավերջին միացուցին իրենց կեանքը՝ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ընտանիքին եւ ընկերային շրջանակներուն։ Այսպէս, Ճուլիա Սաղըրեանի եւ Վարդան Յովհաննէսեանի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Խաչեղբայրն էր Արաս եւ Թիլտա Սիւրէր։ Հարկ է նշել, որ Վարդան Յովհաննէսեան որդին է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմամեայ ու վաստակաշատ գրաշարներէն Լիկիա Յովհաննէսեանի։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորապսակ ամոլը՝ անխառն երջանկութեան մաղթանքով։ Մեր խնդակցութիւնները Ստեփան-Լիկիա Յովհաննէսեան ամոլին, Սաղըրեան ընտանիքին եւ Արաս-Թիլտա Սիւրէր ամոլին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020