«ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ»ԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի դպրաց դասու դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին այցելուները յայտնեցին, թէ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի գրի առած «Պէշիկթաշի յուշամատեան»ի շնորհանդէսի պատրաստութեան սեմին, փափաքած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալ։ Անոնք յիշեցուցին, թէ մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ լոյս տեսած գիրքի շնորհանդէսը համավարակի պատճառաւ ակամայ յապաղած էր եւ պայմանները ներկայիս աւելի թոյլատու ըլլալուն՝ կը ծրագրէին շնորհանդէսը կազմակերպել յառաջիկայ դեկտեմբերի 11-ին, շաբաթ օր, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցաւ շնորհանդէսի կազմակերպչական պատրաստութիւններուն մասին։ Արդէն իսկ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ կազմուած Գիրքի յանձնախումբը՝ աշխատութիւնները հասցուցած էին որոշ հասունութեան մը եւ կը մնար Պատրիարք Հօր թելադրանքներուն լոյսին տակ վերջնական ձեւ մը տալ հանդիսութեան։ Ապա Պէշիկթաշի ընտանիքի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ գիրքի օրինակները ուղարկուած էին զանազան թեմերու, կարեւոր կեդրոններու, հոգեւորականներու, վարժարաններու եւ թաղային խորհուրդներու։ Առ այդ, փոխան գիրքերու եկեղեցի հասած էին բազմաթիւ գնահատականներ, յատկապէս թեմակալ առաջնորդներէ։ Այս մէկը ապացոյցն էր, որ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայի աշխատութիւնը գնահատուած էր թէ՛ արտասահմանի եւ թէ քաղաքիս մէջ։ Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, քանի այսպիսի արժէքաւոր աշխատութիւն մը հանրութեան պիտի ներկայանար։ Ան այս առիթով գնահատեց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի գրական վաստակը եւ յայտնեց, թէ Պէշիկթաշը իր բոլոր երեսակներով այլեւս պատմութեան մէջ իր տեղը գտած է։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, թէ ինք պիտի հովանաւորէ այս հանդիսութիւնը եւ ըստ կարելւոյն Պատրիարքական Աթոռը պիտի օժանդակէ հանդիսութեան կազմակերպութեան։ Ան շնորհանդէսի սեմին իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Բաց աստի, ուրախացուցիչ երեւոյթ է, որ «Պէշիկթաշի յուշամատեան»ը՝ ձեռամբ յանձնախումբի նախագահ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, յանձնուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ գիրքը արժանացած է Հայրապետական գնահատանքի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2021