ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ՈՒ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինը։ Ուսուցչաց օրուան առիթով կազմակերպուած այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Մուամմէր Քեսքինին ընկերացան Շիշլիի քաղաքապետութենէն շարք մը պատասխանատուներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ Մոնէ եւ ծնողաց միութեան ատենապետուհի Թագուհի Սրատաղ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հիւրերը դիմաւորուելէ վերջ առաջնորդուեցան դպրոցի տնօրէնուհիի սենեակը, ուր տեղի ունեցաւ կարճ զրոյց մը։ Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին շրջայց մը կատարեցին դպրոցէն ներս, շրջեցան դասարաններ, ուր զրուցեցին աշակերտներուն եւ ուսուցիչներու հետ։ Կէսօրուան ժամերուն վարժարանի ճաշարանին մէջ բոլորը համախմբուեցան նոյն սեղաններուն շուրջ։ Այս փուլին Նորին Ամենապատուութեան եւ քաղաքապետին նուիրուեցան յուշանուէրներ, որոնք վարժարանի յախճապակիի աշխատանոցին մէջ պատրաստուած էին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին աւելի վերջ առաջնորդուեցան դպրոցի պատմական շէնքի նախկին բաղնիքի բաժինը, որու պարագային ներկայիս թանգարանի մը վերածման ծրագիրը մշակուած է։ Խնամակալութեան ժողովասրահին մէջ շարունակուեցաւ ջերմ զրոյցը, որմէ վերջ դպրոցի համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցներու բաժինը շրջեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Շիշլիի քաղաքապետ Քեսքին։ Համալիրէն ներս տեղի ունեցած այս շրջայցի փուլին հիւրերը տեսան նաեւ թատերասրահի եւ մարզասրահի նոր բաժանմունքի շինահրապարակը։ Այդ սրահներու կառուցման աշխատանքները ներկայիս կը շարունակուին եւ խնամակալութիւնը անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ այս ուղղութեամբ։ Շրջայցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ քաղաքապետ Քեսքին տեղեկացան, որ սրահները ապագային պիտի տրամադրուին նաեւ համայնքային զանազան ձեռնարկներու համար։

Հուսկ, այցելութեան աւարտին թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թէ քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին վառ տպաւորութիւններ ունեցան երէկուան այցի մասին, բարձր գնահատանք արտայայտեցին եւ դրուատիքը հիւսեցին Գարակէօզեան Տան վարիչներուն կողմէ տարուած աշխատանքին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2021