ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԳԻՐՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՈՂԲ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸԻ

Կը տեղեկանանք, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է հրատարակութեան ծրագիր մը կեանքի կոչել՝ ի յիշատակ իր նախկին ատենապետին՝ հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի։ Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ ամիսներուն Յարութիւն Շանլը զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակին։ 2021 թուականի գարնան պիտի նշուի անոր մահուան առաջին տարելիցը։ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը նախօրէին պատրաստութիւններու ձեռնարկած է, որպէսզի մինչեւ այդ տարելիցը մասնաւոր գիրք մը պատրաստուի Յարութիւն Շանլըին համար։

Այս գիրքի պատրաստութեան ձեռնարկուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ։ Կը տեղեկանանք, որ հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի ընտանիքը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական ուշադրութեամբ կը վերահսկեն գործընթացը։ Խմբագրի պաշտօնը յանձնուած է Սէրլի Նշանեանին, իսկ պատրաստական աշխատանքները կը համակարգուին Սէրտա Արսլանի կողմէ։ Ըստ մշակուած նախագծին, գիրքը պիտի բովանդակէ Յարութիւն Շանլըի որպէս համայնքային գործիչ ծաւալած աշխատանքին մասին տեղեկութիւններ, հանրային կեանքէ ներս իր տարած աշխատանքին շուրջ վկայութիւններ եւ տեսողական առարկաներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020