ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու ակումբի շրջանակէն գործակիցները։ Այցելուները Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեցին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին ակումբի ընդհանուր կացութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ Շիշլիի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020