«ԱՐՄԱՇՈՒ ՉԱՐԽԱՓԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՏՊԱՐԱՆԸ»

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց տօներու առիթով, օրհնութեամբ եւ հրամանաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ այս օրերուն լոյս ընծայուեցաւ՝ «Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքի տպարանը» գիրքը։ «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եօթներորդ հատորն է այս մէկը՝ ձօնուած սրբազան գրականութեան մատենագէտ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի յիշատակին։

Գիրքը գրի առած է Պատրիարքական փոխանորդ եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որ այս աշխատութիւնը մասնաւորապէս ձօնած է՝ արմաշական մեծանուն հոգեւորական, Երուսաղէմի հայոց երանաշնորհ Թորգոմ Ս. Պատրիարք Գուշակեանի ձեռնասուն, Կ. Պոլսոյ Աթոռոյ երբեմնի գահակալ իր հոգեւոր ծնողին։

Գիրքը կը բաղկանայ 88 էջէ, պարունակութիւնը կ՚ընդգրկէ Արմաշու տպարանին հաստատութիւնը, կանոնագրութիւնը, գործունէութիւնը, այդ տպարանէն լոյս տեսած հրատարակութիւնները եւ ի վերջոյ տպարանի վախճանը։

Գիրքը սկիզբ կ՚առնէ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի «Արմաշական հոգին ծնունդ կու տայ հրատարակութեանց» խորագրեալ գրութեամբ։ Յետոյ հեղինակը՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան սրտի խօսքը կ՚ուղղէ «Նախաբան»ով ու Արմաշու երբեմնի վանքի հանդէպ իր տածած սէրը կը յայտնէ։ Տէր հայրը առաջին հերթին գաւառներէ ներս կատարուած հրատարակչական աշխատութեանց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով կը յայտնէ, թէ անցեալին զանազան գաւառներէ ներս գրական ու հրատարակչական անմոռանալի գործունէութիւն տեղի ունեցած է։ Ապա իր խօսքերը կը կեդրոնացնէ Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքին վրայ եւ կը ներկայացնէ համեստ պայմաններու ներքեւ իրականացուած հսկայածաւալ գործունէութիւնը։

Իր խօսքերու աւարտին մերօրեայ ժամանակներու եւս պատգամելով կ՚ըսէ. «Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքի տպարանին կեանք տուող Հայ Եկեղեցւոյ երախտաշատ սպասաւորներու մտայղացումը, գործելու կամքը, յաջողութեամբ պսակուած գործելակերպը եւ ժողովուրդին օգտակար ըլլալու փափաքը անմար օրինակներ են ներկայիս եւս ու պիտի մնան այդպէս ապագային ալ։ Սահմանափակ միջոցներով գործած մեր այս նախնիքը իրենց ծառայութեան ուղիէն ընթանալու կը հրաւիրեն բոլոր անոնք, որոնք ներկայիս ունին արժեւորելու յառաջդիմութեան ընձեռած կարելիութիւնները եւ ապագային ալ պիտի շարունակեն ունենալ»։

Գիրքին մէջ բացի պատմական նկարներէ, մասնաւորապէս ներկայացուած են տպագրեալ գիրքերու մասին տեղեկութիւններ եւ իրենց անուանաթերթերու նկարները։ Ընթերցողներ վանքի պատմական «Յոյս» հանդէսի մասին եւս շահեկան տեղեկութիւններ կը գտնեն։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Վարուժան-Սելին Պուլկան ամոլը՝ ի յիշատակ Ժիրայր-Մաքրուհի Թաշճըօղլուներու։ Իսկ կողքը պատրաստած են Տ. Յարութիւն Աբեղան եւ Արի Քամպար։

Գիրքը կարելի է ապահովել Գատըգիւղի եկեղեցիէն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020