ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը՝ Համաշխարհային մայրենիի օրուան առթիւ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ հաստատուած այս օրը լաւագոյնս արժեւորուեցաւ եւ տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան թափանցելու անոր խորհուրդին։ Անշուշտ, հայերէնի տեսանկիւնէն այդ խորհուրդը մատուցուեցաւ աշակերտներուն։ Յայտագրին մասնակցեցան դպրոցի զանազան դասարաններէն սաներ, որոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Որպէս նուէր՝ անոնք ստացան նաեւ գիրքեր։

Ուսուցչական կազմի ջանքերով պատրաստուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ մեծ թիւով ծնողներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020