ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Իրեն ընկերացաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Քարասու։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Հրայր Ճէպէճեան զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց, որ այս անգամ Իսթանպուլ կ՚այցելէ Սուրբ Գրոց ընկերութեան միջինարեւելեան տարածաշրջանային մասնաճիւղերու ժողովներուն մասնակցելու համար։ Ուստի, քաղաքիս մէջ կեցութիւնը ան պատեհ առիթ նկատած էր նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Հրայր Ճէպէճեան վշտակցութիւններ յայտնեց երկրաշարժին եւ ցաւալի հետեւանքներուն կապակցութեամբ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ուրախութիւն յայտնեց Հրայր Ճէպէճեանը հիւրասիրելու առիթին համար եւ բացատրութիւններ տուաւ աղէտի հետեւանքով համայնքին կրած վնասներուն, կորուստներուն, ցաւերուն շուրջ, նաեւ անդրադարձաւ աղէտեալներու օժանդակութեան փութալու համար ստեղծուած շարժումին։

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Սուրբ Գրոց ընկերութեան եւ Պատրիարքական Աթոռի համագործակցութեան շուրջ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց Հրայր Ճէպէճեանի գործունէութեան համար։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023