ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԷՆ ՀՐԱՆԴ ՄԵԼՔՈՒՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ

Հա­յաս­տա­նի ճատ­րա­կի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ­նե­րէն Հրանդ Մել­քու­մեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Իս­թան­պուլ։ Ե­ռօ­րեայ կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան հիւրն էր Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­գահ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեա­նի։ Իս­րա­յէ­լի եւ Իզ­լան­տա­յի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած մրցա­շար­քե­րու մաս­նակ­ցե­լէ վերջ քա­ղաքս ե­կած էր Հրանդ Մել­քու­մեան, ո­րու ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը չէր Իս­թան­պու­լ։ Ան նա­խա­պէս ալ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեա­նի հրա­ւէ­րով ե­կած էր Իս­թան­պուլ, այ­ցե­լած էր նաեւ Շիշ­լի մար­զա­կում­բը։

Իսկ այս ան­գա­մուան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Հրանդ Մել­քու­մեան այ­ցե­լեց Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թիւ­նը։ Ան միու­թեան յար­կէն ներս տար­բեր տա­րիք­նե­րէ տաս­նհինգ ան­ձի հետ մրցե­ցաւ նոյ­նա­ժա­մա­նակ։ Շուրջ ե­րեք ժամ տե­ւեց այս խա­ղը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան, Ա­րի Քի­րէ­միտ­ճեան, Շանթ Էօզ­պիւլ­պիւլ, Ար­թուն Էօզ­պիւլ­պիւլ, Տիգ­րան Էօզ­պիւլ­պիւլ եւ Տիգ­րան Էօզ­չե­լիք։

Հրանդ Մել­քու­մեա­նի այս այ­ցե­լու­թիւ­նը շատ ջերմ յի­շա­տա­կի մը վե­րա­ծուե­ցաւ՝ մա­նա­ւանդ իր հետ մրցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած մար­զիկ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015