ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԽԼԵՑԻՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒ ՄԷՋ

Իսթանպուլի Մարզական տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքէն փայլուն յաջողութեամբ դուրս եկաւ Էսաեան վարժարանի խումբը։ Լարա Սալպանօղլու, Մարէն Նալճը եւ Մելիս Պուլկուր այս մրցաշարքին մէջ ներկայացուցին Էսաեանը եւ նուաճեցին առաջնութիւն։ Յիշեալ աշակերտները անհատական գետնի վրայ ալ դարձան դափնեկիր։ Անոնք մրցաշարքին մասնակցեցան դպրոցի ուսուցիչ Կէօքհան Թաշի հսկողութեան ներքեւ։

Բաց աստի, վոլէյպոլի մէջ ալ էսաեանցիները ունեցան փայլուն յաջողութիւն։ Պէյօղլուի գաւառակէն ներս, միջնակարգերու միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի արդիւնքին Էսաեանի աստղերու իգական կազմը հանդիսացաւ առաջին։ Աստղերու արական կազմն ալ եղաւ գաւառակի երկրորդը։ Էսաեանի փոքրերու արական կազմը դարձաւ Պէյօղլուի շրջանի երրորդը։ Վոլէյպոլի այս մրցաշարքին էսաեանցիները մասնակցութիւն բերին դպրոցի ուսուցչուհիներէն Անժէլ Ելէկէնի հսկողութեան ներքեւ։ Այս յաջողութիւնները մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացան դպրոցէն ներս։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019