Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան, Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան եւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Յակոբ Սրկ. Սարրաֆ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւններն ալ կատարուեցան Ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան։ Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի կարգը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին ներկայ հաւատացեալները։ Տիկնանց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ հաւատացեալները զիրար ողջունեցին Ս. Զատկուան աւետիսով։ Նկատի ունենալով, որ արարողութիւնը զուգադիպած էր ապրիլի 24-ին՝ բոլորը բիւր յարգանքով խնդրեցին նաեւ սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019