ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Մանկապարտէզի առաջին եւ երկրորդ փուլերու փոքրիկները առանձին յայտագիր մը գործադրեցին, իսկ մանկապարտէզի երրորդ փուլի փոքրիկները իրենց ծրագիրը ներկայացուցին տարբեր ձեւաչափի մը մէջ։ Երրորդ փուլի մանկապարտէզի հանդէսի ծրագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Երազ Լիա Պոյաճըիի եւ Նիքոլ Իրլանի։ Փոքրիկն Առէն Աթլաս Քափթան հանդէս եկաւ դաշնակի նուագներով, իսկ Սէրլի Անատոլ ներկայացուց պալէի դրուագներ։ Բաց աստի, տղաքը զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Այս զոյգ հանդէսներու պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին մանկապարտիզպանուհիներ եւ ուսուցչուհիներ՝ Նելլի Պասմաճեանի, Սէրլի Արապեանի, Այլին Միրիճանեանի, Քլարա Լամպաճեանի, Դալար Էօնտէրի, Մատլէն Չաղլայի, Այշէ Էօզտեմիրի, Սիպէլ Էսէնի, Քարին Քիւչիւքօղլուի, Սելին Չավուշօղլուի, Էլիզապէթ Պելէքի եւ Էսրա Էօզալփի մականին ներքեւ։

Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Գատըգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Զոյգ հանդէսներու աւարտին շնորհաւորութեան եւ գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։ Ան գնահատեց մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար աշխատանք տարած կրթական մշակները եւ փոքրիկներուն եռանդը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց կրթական կեանքի շարունակութեան համար։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019