ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Նախորդ շաբաթավերջին կազմակերպուած այս երեկոյթով ընթացաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան եւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, հիւրընկալ սանուց միութեան վարչայինները, դպրոցի ուսուցչական կազմը, շրջանաւարտներու ծնողները եւ այլ հիւրեր։

Շրջանաւարտներու հաւաքաբար սրահ մուտք գործելով սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Տղաքը խորհրդանշական վկայականներու առընթեր ստացան խնամակալութեան կողմէ իրենց համար պատրաստուած նուէրները։ Ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուած ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան երաժշտական կատարումներով։ Շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակն ալ հատուեցաւ ծափահարութիւններով։ Տղաքը մինչեւ ուշ ատեն զուարճացան բարձր տրամադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019