ՄԱԼԹԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Մալթայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ մեր համայնքին շնորհաւորութիւններ յղեց Մալթայի դեսպան Քարմել Վասալլոյին եւ աւագ հիւպատոս Ֆրանքլին Աքիլինային։

Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019