«ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ԳՈՅՔԵՐՈՎ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարի Մատլէն Պալեանը՝ ընկերակցութեամբ տքթ. Արմենակ-Ազնիւ Մեծատուրեան ամոլին։

Պալեան ընտանիքի շառաւիղէն մերօրեայ ժամանակներուն հասած է՝ Մարի Մատլէն Պալեան եւ թոռն է՝ Սարգիս Պալեանի։ Ինք փափաք յայտնած էր իր մեծ հօր շքանշանները եւ դիմանկարը յանձնել Պատրիարքական Աթոռոյ «Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանին։ Յարգելի հիւրը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ իր խնդրաքին ընդառաջելով զինք ընդունեց Պատրիարքարանի մէջ։ Զրոյցի ընթացքին ան բաժնեց ընտանեկան յուշեր, որոնք պատմական նշանակութիւն ունին։ Ան յայտնեց, թէ իր մեծ հայրը որպէս դեսպան արժանացած էր նաեւ շքանշաններու։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ ողջունեց Մարի Մատլէն Պալեանի ներկայութիւնը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ իր պատրաստակամութեան կապակցութեամբ։ Պալեան ընտանիքը իր նուիրական գործունէութեամբ արդէն իսկ պատմական ներկայութիւն դարձած է թէ՛ հայոց եւ թէ օտարներու մօտ։ Ուստի, ընտանիքի գործունեայ անդամներէն Սարգիս Պալեանէ հասած շքանշանները մշակութային մասունքներ են։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մեծապատիւ հիւրին, քանի ան ազգային նախանձախնդրութեամբ այս շքանշանները յանձնեց Պատրիարքական Աթոռին, որպէսզի անոնք ազգային յարկին ներքեւ պահպանուին ու ցուցադրուին։ Այսպէսով Պատրիարքարանի թանգարանը օժտը-ւած կ՚ըլլայ նաեւ պատմական գոյքերով։ Մեր Հոգեւոր Պետը հաւաստիացուց, թէ Պատրիարքական Աթոռը բծախնդրութեամբ պիտի պահպանէ այս շքանշանները ու այցելուներ պիտի կարենան տեսնել զանոնք։ Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Հայրը արեւշատութիւն եւ քաջառողջ կեանք մաղթեց Մարի Մատլէն Պալեանին։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020