ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՐՁԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն մեզի.-

Պոլսոյ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, շաբաթ երեկոյեան, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ, Կոմիտաս Վարդապետի արձանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։ Թէեւ սոյն յուշարձանը տեղադրուած էր Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ՝ 4 յունիս 2016 թուականին, սակայն ցարդ ո՛չ մէկ ձեռնարկ տեղի ունեցած էր այդ առընչութեամբ։

Մշակութային այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւոր հայրեր։ Ներկայ էին Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ կրթական մշակներ ու աշակերտներ, վարչայիններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը։

Հանդիսութեան պատրաստութեան իրենց նպաստը բերած էին Կեդրոնական վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը։

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ յայտնի արուեստագէտ Պօղոս Չալկըճեանի բացման խօսքով, որ յայտնեց սոյն հանդիսութեան նշանակութիւնը։ Ապա ուսուցիչներէն Տիանա Պուլտուք, ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետի կենսագրականը։ Աշակերտներ Կոմիտասի արձանին առջեւ արտասանեցին բանաստեղծութիւններ ու հրամցուցին պարի ներկայացում մը։ Արձանի մօտ իր կուռ ձայնով կոմիտասեան երգեր մեներգեց յայտնի երաժիշտ Արթիւր Պաղտասարեան։ Ներկայացումը իր աւարտին հասաւ «Անլռելի զանգակատուն»ով։

Հանդիսութեան աւարտին նախ սրտի խօսք մը արտասանեց Սարգիս Քիւլէկէչ եւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց տեղապահ սրբազանին, քանի իր բարեհաճ կարգադրութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ պաշտօնական բացումը կը կատարուէր սոյն արձանին։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ արուեստագէտ Էրոլ Սարաֆեանին, որուն ձեռակերտն էր Կոմիտասի արձանը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Վազգէն Պարընին, որուն աշխատութեամբ պատրաստուած էր արձանի պատուանդանը, ինչպէս նաեւ Եթքին Պէրպէրօղլուին, որ նուիրած էր պատուանդանի մարմարիոնը։

Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց ու ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց տեղապահ սրբազանը։ Այս առթիւ ան յիշեցուց, թէ Կոմիտաս Վարդապետ համազգային չափանիշով ընդունելութիւն գտած արուեստագէտ մըն է եւ ըսաւ. «Պատրիարքարանի համալիրին մէջ տեղադրուած այս արձանը մասնաւոր նշանակութիւն մը պիտի ունենայ, քանի իւրաքանչիւր այցելու պիտի մօտենայ Կոմիտասին եւ պիտի գտնէ պատգամ մը։ Արձանի հեղինակը վարպետօրէն ներկայացուցած է մեծն Կոմիտասը։ Ես յատկապէս ձեռքերուն ուշադրութիւն ըրած եմ, քանի անոնք ցոյց կու տան թէ Կոմիտաս Վարդապետ տակաւին կը շարունակէ ղեկավարել իր մօտ գտնուած հաւաքականութիւնը։ Շատեր պիտի մտածեն, թէ այդ հաւաքականութիւնը կրնայ ըլլալ երգչախումբ մը։ Բայց Կոմիտաս Վարդապետ ընդհանրապէս հայ ազգային ներդաշնակութիւնը կ՚ապահովէ իր պատգամներով։ Այսօր, անգամ մը եւս կը նշմարենք իր ուսուցումը, որով կը յայտնուին ազգային եւ եկեղեցական մեր բոլոր արժէքները»։

Սրբազան հայրը իր խօսքերու աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս Քիւլէկէչին եւ Էրոլ Սարաֆեանին, որոնց համագործակցութեամբ նոր արժէքով մը եւս բարոյապէս կը հարստանայ Պատրիարքական Աթոռը։ Գնահատեց նաեւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներն ու աշակերտները, որոնք իրենց ներդրումը բերին հանդիսութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ չիւանապետ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, Արթիւր Պաղտասարեանին եւ Պօղոս Չալկըճեանին, որոնք եւս ներդրում բերին այս հանդիսութեան։ Սրբազան հայրը, մաղթեց որ Պատրիարքարանի մէջ նման բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներ աւելնան ու համայնքը Պատրիարքարանէ ներս առաւել եւս զգայ մշակութային արժէքներու կենսունակութիւնը։

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ հիւրասիրուեցան պատուասիրութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019