ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ՄԷՋ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Իսքենտէրուն եւ Վաքըֆլըգիւղ։ Իսքենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ծխական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Բենիամին Թապաշի զաւկին՝ Արմինա Թապաշի մկրտութիւնը։ Նոյն առիթով աղօթք վերառաքուեցաւ երկրաշարժէն տուժած աղօթատան ժամ առաջ նորոգութեան համար։

Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան նոյեմբերի 17-ին այցելեց Էլազըղի հայ համայնքին։ Տէր հօր կ՚ընկերանար Իսքենտէրունի ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ։ Տէր հայրը Էլազըղի մէջ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն համայնքէն Արման Եաղճըի կողմէ։

Մինչ այդ, տէր հայրը ընկերակցութեամբ Եուսուֆ Թապաշի եւ Արման Եաղճըի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղի քաղաքապետ Շահին Շէրիֆօղլուին, որուն միջոցաւ կատարուած էր տեղւոյն հայկական գերեզմանատան  մուտքի սալայատակումը։ Այստեղ ջերմ ընդունելութեան ընթացքին տէր հայրը քաղաքապետին հաղորդեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները եւ Էլազըղի հայերուն շնորհակալութիւնները։ Ի յիշատակ սոյն այցելութեան եւ որպէս շնորհակալութիւն՝ յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ Շէրիֆօղլուին։

Յաջորդ առաւօտ՝ նոյեմբերի 18-ին, Էլազըղի գերեզմանական Ս. Նշան աղօթատան մէջ տէր հայրը մատոյց Ս. Պատարագ։ Հակառակ ցուրտ օդին, տեղւոյն հայերը մէկտեղուեցան փոքրիկ աղօթատան մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին քարոզեց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Էլազըղի հայոց հաղորդեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները։ Յաւարտ արարողութեան ան ընկերակցութեամբ Արման Եաղճըի այցելութիւն մը տուաւ համայնքի այն անդամներուն, որոնք չէին կրցած մասնակցիլ արարողութեան եւ աղօթեց իրենց վրայ։

Իսկ նոյեմբերի 19-ին տէր հայրը այցելեց Մալաթիա, ուր տեղւոյն գերեզմանատան աղօթատան մէջ աղօթեց ու ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ կատարեց։

Տէր հայրը սոյն այցելութիւններէ ետք վերադարձաւ Հաթայ, ապա՝ Իսթանպուլ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2023