ՄՈՒԱՄՄԷՐ ՔԵՍՔԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հիւրընկալեց Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինը։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Մուամմէր Քեսքին եւ իր ընկերակիցները շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը, որուն յանձնեցին նաեւ յուշանուէր մը։ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մուամմէր Քեսքինի այցելութեան համար։ Ան մաղթեց, թէ պատրիարքական ընտրութիւնը բարեբեր ըլլայ թէ՛ մեր երկրին եւ թէ համայնքին տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց նաեւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւն, որ եւս իրեն յղեց շնորհաւորութիւններ։

(Լուսանկարները՝ Պատրիարքարանէն)

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019