ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱԿԱԳՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔՈՎ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Այս վերջինը Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն է, իր կենսունակութիւնը երիտասարդութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է, սակայն ապահոված աշխուժութիւնն ու ձգողականութիւնը ընդհակառակն, որովհետեւ այս երիտասարդ տարիքին իսկապէս փորձառու հովիւի մը ձեռքբերումներուն կը հասնի։ Որպէս Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ եւ Կղզեաց տեսուչ՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հովուական գետնի վրայ գնահատելի յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ։ Մինչ այդ, վերջերս ան մտաւորական հարթութեան վրայ ալ արձանագրած է յաջողութիւն մը։ Արդարեւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս իր պաշտպանած վարդապետական թեզը լոյս տեսած է գիրքի ձեւաչափով։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հրատարակչութեան բաժինը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայր սուրբին թեզը՝ «Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» խորագրով։ Ուրեմն, այցելութեան ընթացքին հայր սուրբը մեզի նուիրեց իր գիրքէն մակագրեալ օրինակ մը։ Ան մեզի հետ բաժնեց իր ուրախութիւնը՝ քանի հնարաւորութիւն ունեցած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ստանալու՝ որպէս հեղինակի իրաւունք իրեն համար սահմանուած քանակութեամբ գիրքերը, որոնցմէ մին վերապահած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գրադարանին համար։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մօտաւոր անցեալին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս աշխատանքային շրջաններ բոլորելով էապէս ընդլայնած է իր մտահորիզոնը, այժմ արդէն իր գործունէութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դրած կը համարուի այս գիրքի հրատարակութեամբ։ Խմբագրատանս երդիքին տակ տեղի ունեցած ջերմ ու անմիջական զրոյցը մեզի հնարաւորութիւն տուաւ նաեւ հաղորդ դառնալու՝ թարմ եռանդով այս երիտասարդ ու համակրելի եկեղեցականի ո՛չ միայն դիտարկումներուն, նաեւ տեսլականին եւ ինչու չէ նաեւ երազներուն, որոնք ազդանշանները կը համարուին եկեղեցական անդաստանէ ներս իր ապագայ յաջողութիւններուն։

Գիրքի հրատարակութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր ձեռքբերումներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023