ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մանուկ Գալայճըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբեց բոլոր ներկաները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023