ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի շարժառիթով յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը Տարեմուտի առթիւ սեղան մը սարքեց՝ թաղի աղքատախնամին կողմէ ցանկագրուած նպաստընկալ ընտանիքներուն համար։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներն ու նպաստընկալները այս առթիւ անմիջական ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ուրախակից եղան իրարու։ «Նարեկեան» սրահը յարդարուած էր տարեմուտին յարիր ձեւով։ Համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի երաժշտական յայտագիրն ալ գագաթնակէտին հասցուց խանդավառութիւնը։

Յայտագրին տեւողութեան արտասանուեցան նաեւ շնորհաւորութեան խօսքեր, իսկ արձակման փուլին թաղային խորհուրդին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան բոլոր ներկաներուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023