ՀՈՐՈԶՕՂԼՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար Եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ-Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է այս վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Երէկուան հաճելի զրոյցին ժամանակ Հորոզօղլուները մեզի տեղեկացուցին, որ վարժարանը կը շարունակէ իր ուրոյն առաքելութիւնը՝ կրթութիւն ջամբելով Հայաստանէն արտագաղթած եւ Պոլիս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն։ Արդէն բոլորին ծանօթ է, որ «Հրանդ-Տինք» դպրոցը, միեւնոյն ժամանակ, տաքուկ բոյն մըն է իր բոլոր սաներուն համար։ Այնտեղ կրթութիւնն ու մարդակերտումը կ՚ընթանան զուգահեռ, ինչ որ այս վարժարանին բացառիկ առաքելութիւնը կը պայմանաւորէ։

«Հրանդ-Տինք» դպրոցը այս տարի ունի 76 աշակերտ։ Պիւտճէի բացը կը կազմէ շուրջ 2 միլիոն լիրա։ Հորոզօղլուները կոչ կ՚ուղղեն համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի հերթական անգամ այս դպրոցը զօրակցութեան առարկայ դառնայ։ Անոնք մասնաւորապէս շեշտեցին, որ անհրաժեշտ կարգ մը ենթակառուցուածքային ներդրումներ խնդրոյ առարկայ են դպրոցի պարագային։ Այդ բոլորը իսկապէս տարրական ու անհրաժեշտ կը համարուին եւ նախագիծերը ամենաձեռնտու պայմաններով կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ բոլոր համաձայնութիւնները արդէն գոյացած են։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023