ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական դասարանի սաները։ Այս տարի դպրոցի վերջին դասարանի տղաքը Հայաստանի մէջ քննութիւն յանձնելու կը մեկնին մաս առ մաս։ Անոնցմէ ոմանք արդէն մեկնած են, իսկ մենք երէկ հիւրընկալեցինք յառաջիկայ շրջանին քննութիւն յանձնելիք աւարտական դասարանի աշակերտներէն երեքը՝ Անդրանիկ Ետիկեարեանը, Լիպարիտ Պաղտասարեանը եւ Ռուզաննա Պապայեանը։ Սաներուն ընկերացան վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը, դպրոցի փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան եւ ուսուցչուհիներէն Կարինէ Ազիզբէկեան։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին աշակերտները մեզի բացատրութիւններ տուին ապագայի վերաբերեալ իրենց սպասումներուն շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ ցայսօր այս դպրոցէն Հայաստան մեկնած աշակերտները կ՚արձանագրեն անանտեսելի յաջողութիւն՝ ուստի այս տարուան աւարտական դասարանի սաներն ալ վառ յոյսեր ունին ապագայի նկատմամբ։ Անոնք տոգորուած են լիսէական դառնալու ոգեւորութեամբ, որովհետեւ սա նոր փուլ մըն է իրենց կրթական կեանքին մէջ եւ տղաքը կը ձգտին այդ մէկը լաւագոյնս արժեւորել՝ իրենց իտէալներու ճանապարհին։

Աւարտական դասարանի սաներու տպաւորութիւնները լսելու առընթեր, երէկուան հաճելի զրոյցը առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ լսելու համար «Հրանդ Տինք» դպրոցի պատասխանատուներու բացատրութիւնները։ Անոնք յայտնեցին, որ «Հրանդ Տինք» դպրոցը կը գոյատեւէ՝ դրական արդիւնքով։ Հաստատութիւնը թէեւ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, աշխատանքը մեծ զոհողութիւններով յառաջ կը տարուի, սակայն վերջին հաշուով այդ բոլորը կ՚արդարանան, որովհետեւ արդիւնքը կ՚ըլլայ ողջունելի, տղաքը կը պատրաստուին կատարելապաշտ մօտեցումներով։

Մեր հիւրերը նշեցին, որ «Հրանդ Տինք» դպրոցը թէեւ այսօր կը ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն, սակայն ժամանակի ընթացքին ա՛լ աւելի պիտի բիւրեղանայ անոր խորհրդանշական հանգամանքը։ Արդարեւ, այդ վարժարանէն կը հասնին երիտասարդներ, որոնք համեստ ընտանիքներու զաւակներն են եւ իրենց կրթական կեանքի սկիզբին ականատես կ՚ըլլան նաեւ համակեցութեան մթնոլորտի, նոյնիսկ որոշ չափով կ՚ըմբոշխնեն այդ մթնոլորտը։ Դպրոցի պատասխանատուները համոզուած են, որ այս բոլորին շնորհիւ ապագայ բարեկամութեան հունտեր կը ցանուին։ Դպրոցէ ներս տղաքը կը պատրաստուին դրական ոգիով եւ այդ դրական ոգին պիտի ապահովէ, որ ապագային այդ հունտերը ծիլ տան։ Այսինքն, «Հրանդ Տինք» դպրոցը այս առանձնայատկութիւններով սահմանափակ չի մնար կրթական բնագաւառով եւ բարեկամութեան կոթողային խորհրդանշան մը կը նկատուի՝ երիտասարդներու, ապագայի պատրաստութեան տեսակէտէ դրսեւորուած նախանձախնդրութեան առումով։

Հանդիպման աւարտին հիւրերը յայտնեցին, որ մասնաւորապէս ուրախ կ՚ըլլան դպրոցի շրջանաւարտներու յաջողութիւններուն վկայելով եւ հաստատութեան սաները կը ջանան հնարաւորինս կապ պահել դպրոցին հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019