Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԹԱՓՈՎ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանար եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք «Ս. Թագաւոր» մատենաշարէն վերջերս հրատարակուեցան՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հեղինակութեամբ պատրաստուած երկու գիրքեր։ Անոնցմէ մին կը կոչուի՝ «Արեւագալի ժամ», իսկ միւսը՝ «Պօղոս Արք. Խարաղօչի կեանքն ու գործը»։ Երէկուան օրհնաբեր այցելութեան ընթացքին տէր հայրը մեզի նուիրեց այդ նոր գիրքերէն մակագրուած նմոյշներ։ Իսկապէս ուրախառիթ է, որ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան թափով յառաջ կը տանի հրատարակչական ծրագրերը։ Հովուական առաքելութիւնը ամենայն կատարելութեամբ իրականացնելու առընթեր ան ժամանակ կը գտնէ պեղելու համար մեր մշակութային ժառանգութեան հանքը։ Այս գործը տէր հայրը ածանցած է իր կոչումին եւ վերջին տարիներուն իր կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու պտուղները կը վայելեն մեր մշակութասէրներն ու գրասէրները։

«Արեւագալի ժամ»ը որ «Ս. Թագաւոր» մատենաշարի երրորդ գիրքն է հրատարակուած է մեկենասութեամբ Տէրողորմեաճեան ընտանիքի եւ ձօնուած՝ Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։

Պօղոս Արք. Խարաղօչի կեանքին ու գործին ձօնուած գիրքը նոյն մատենաշարի չորրորդ գործն է։ Այս մէկն ալ հրատարակուած է Ճանէլ ընտանիքի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի վախճանման 100-րդ տարելիցին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019