ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան Գերապայծառը շաբաթավերջին մէկտեղուեցաւ պոլսահայ խումբ մը կրթական մշակներու հետ։ Մօտաւոր անցեալին Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած էր նման ձեւաչափով հանդիպում մը։ Զեքիեան Գերապայծառ այս անգամ կրթական մշակներու հետ զրուցեց Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ։

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքին ժամանակ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան։ Աւելի վերջ, կեանքի կոչուեցաւ երկու ժամուան աշխատանքային ծրագիր մը։ Զեքիեան Գերապայածառ այս հաւաքին համար մշակած էր օրակարգ մը, որուն վրայ տեղ գտած էին ուղղագրութեան, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, օտարաբանութիւններու նման հարցեր։ Իւրաքանչիւր նիւթին շուրջ Զեքիեան Գերապայծառ կրթական մշակներուն հետ թէ՛ բաժնեց իր մօտեցումները եւ թէ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։

Հաւաքի աւարտին Կարապետ Մխալեան յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Զեքիեան Գերապայծառին։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018