ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Ֆլորիայի մէջ։ «Հաթայ սոֆրասը» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան քաղաքիս զանազան թաղերէն համակիրներ։

Ծնողաց միութեան ատենապետուհի Քրիստին Քերթիշ եւ իր ընկերուհիները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ճաշկերոյթի բոլոր մասնակիցները։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն օթօպիւսներով Ֆլորիա փոխադրուած հանդիսատեսներուն առջեւ ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Քրիստին Քերթիշ, որ յայտնեց, թէ ծնողաց միութեան ամբողջ գործունէութեան նպատակն է զօրակցիլ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն։

Հաւաքոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն։

  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018