ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց հրէից խախամապետարանը։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեվայի կողմէ, որուն թրքահայ համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ յղեց՝ հրէից Պասեքի տօնին առթիւ։

Երկու հոգեւոր առաջնորդները իրարմէ հրաժեշտ առին՝ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024