ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ՝ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐՀՆԱԾ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցան Պոլսոյ Աթոռի այն երջանկայիշատակ գահակալները, որոնք վերջին տասնամեակներուն օրհնած են Կազդուրման կայանի առաքելութիւնը։ Օրուան պատարագիչն էր Կղզեաց տեսուչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ինչպէս ծանօթ է, արդէն երկրորդ տարին է, որ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի դռները փակ կը մնան եւ միայն սահմանափակ ընկերային ձեռնարկներ կը կազմակերպուին կղզեբնակ նոր սերունդին համար։ Յամենայնդէպս, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի Կազդուրման կայանի համար եղանակի բացման պաշտօնական հաւաքոյթ մը կը կազմակերպուէր եւ այդ հանդիսութիւնները առիթ կը հանդիսանային հաստատութեան երախտաշատ սպասաւորներու ոգեկոչման։ Թէեւ երէկուանը եղանակի պաշտօնական բացում մը չէր, սակայն, երախտագիտութեան թերացումէ հեռու մնալու համար նախատեսուած էին ոգեկոչման արարողութիւններ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները։ Ներկաներու շարքին էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ գործակից ընկերները, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան վարչութեան անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Երէկուան Ս. Պատարագի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ներկաները համախմբուեցան Կազդուրման կայանի համալիրէն ներս, ուր սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց Կազդուրման կայանի համար տարուած աշխատանքներուն եւ նախատես-ւած ծրագրերուն առընչութեամբ։

Մանրամասնութիւնները վաղուան թիւով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021