ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՄԻՆԱՍ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ՃԻՀԱՆԿԻՒԼԵԱՆԻ

Պատրիարքական աթոռը՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ու մասնակցութեամբ Աթոռոյ միաբաններուն եւ քահանայից դասու անդամներուն, երեքշաբթի, յուլիսի 20-ին, ժամը 10.00-ին, հրաժեշտ տուաւ Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երէց անդամներէն, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանին։

Նկատի ունենալով վախճանեալ քահանայ հօր քորոնաժահրով վարակուած ըլլալու պարագան, Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ առանց ժողովուրդի մասնակցութեան։ Ինչպէս նաեւ քահանայաթաղի, վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողակարգը պատշաճուեցաւ համավարակի սահմանափակումներուն։ Իսկ, դռնփակ Ս. Պատարագը ուղիղ սփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ կայքէջէն, որպէսզի հաւատացեալներ միանան հոգելոյս տէր հօր հոգւոյն խաղաղութեան համար արտասանուած աղօթքներուն։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ ժառանգաւոր սաները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւորականաց դասու անդամներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։

Նախքան ողջոյնի պահը, Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը բեմ բարձրացաւ ու քահանայաթաղ մաշտոցի ցուցմունքներուն համաձայն արտասանեց մեծ աղօթքը։ Ապա, եկեղեցիէն ու բարեպաշտ ժողովուրդէն հրաժեշտ առնելու հոգեթով շարականները երգուեցան հոգեւոր հայրերու կողմէ, որմէ յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը դամբանախօսեց անդրադառնալով վախճանեալ տէր հօր եկեղեցանուէր կեանքին։

Պատրիարք Հայրը նախ անդրադարձաւ հանգուցեալի որպէս մարդ եւ որպէս հաւատացեալ ունեցած առաքինութիւններուն։ Ան ի տղայ տիոց սպասարկած էր եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ եկեղեցասիրութիւնը մարմնաւորած էր իր օրինակելի կեցուածքով։ Ան հեզահամբոյր կեցուածքով միշտ գնահատելի դարձած էր եկեղեցական շրջանակներէ ներս։ Բաց աստի, նոյն եկեղեցւոյ մէջ հմտացած էր եկեղեցական երգեցողութեան եւ կոչուած՝ երաժշտապետութեան պաշտօնին։ Որպէս երաժշտապետ ծառայութեան օրերուն թէ՛ լաւապէս երգած էր շարականները եւ թէ մանուկներն ու երիտասարդները իր շուրջը համախմբելով՝ անոնց եւս սորվեցուցած էր եկեղեցական երգեցողութիւնները։ Իր աշխատութեան պտուղները տակաւին մինչեւ այսօր շարունակական եղած են Սամաթիոյ մէջ եւ որպէս արդիւնք նոր սարկաւագներ ու դպիրներ ծնունդ առած են Սամաթիոյ եկեղեցւոյ ծոցէն։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա կանգ առաւ տէր հօր քահանայական վաստակին եւ ըսաւ, թէ հանգուցեալը հաւատարիմ մնացած էր քահանայական կարգի վսեմութեան եւ մինչեւ վերջին շունչը մեծ պատասխանատուութեամբ ծառայած էր իրեն վստահուած եկեղեցիներուն եւ հաւատացեալներուն։ Տէր հայրը արժանացած էր Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի եւ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի գնահատանքին ու իրենցմէ ստացած էր եկեղեցական աստիճաններ։ Ինք վայելած էր եկեղեցւոյ փառքի օրերը եւ եկեղեցական կեանքէ ներս ստեղծուած եռուզեռը։ Իսկ իր կեանքի չափահասութեան տարիներուն՝ գործի կեանքի աւարտին, ընդառաջած էր Տիրոջ կանչին ու ձեռնադրուած՝ քահանայ, ձեռամբ Շահան Սրբազանի։ Որպէս եկեղեցական իր ծառայութեան տարիները եւս օրհնուած ըլլալով, ան աւելի քան քսան տարիներ որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած էր մեր եկեղեցիներուն, գնահատանքին արժանանալով շատերուն։ Իր բնաւորութիւնը օրինակելի դարձած էր, ըստ որում առանց շատ խօսելու եւ իր աշխատութիւնը յայտարարելու, մեծ ու մնայուն գործեր կատարած էր եկեղեցական կեանքէ ներս։ Չկար մէկը, որ իր մասին ժխտական արտայայտութիւն ունենար։ Այս առումով, իր նման եկեղեցականի մը վախճանմամբ, կարեւոր պակաս մը պիտի յառաջանար եկեղեցականաց դասէն ներս եւ այս առիթով Պատրիարք Հայրը աղօթք բարձրացուց, որպէսզի Տէր Աստուած մշակներով օժտէ մեր եկեղեցին ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն եկեղեցւոյ։

Իր խօսքերու աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ հոգեւորականաց դասուն, ցաւակցութիւն յայտնեց տէր հօր զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ իր ծառայած եկեղեցիներու վարչութիւններուն ու ժողովուրդին։

Յուղարկաւորութեան աղօթքներէն յետոյ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Իսկ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Հայ Եկեղեցւոյ վաստակաւոր սպասաւորին մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021