ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԻՐ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ՝ ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական մրցաշարք մը։ Ակումբի նախկին երախտաշատ ատենապետ ու պատուոյ նախագահ Ղազարոս Ունանի յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ իր նմաններու շարքին հանդիսացաւ երկրորդը։ Ֆութսալի եւ պասքեթպոլի ճիւղերուն մէջ կազմակերպուած այս մրցաշարքի դափնեկիրներու բաժակները յանձնեցին հոգելոյս Ղազարոս Ունանի այրին՝ Հայկուհի Ունան, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ ակումբի շրջանակներէն այլ յայտնի դէմքեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2019