ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի նորընտիր վարչութեան անդամները արդէն նոր եռանդով կը ձեռնարկեն պաշտօնի։ Վերընտրեալ ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչայինները մէկ կողմէ նոր շրջանի համար իրենց միջեւ դերաբաժանում կ՚ընեն, իսկ միւս կողմէ նոր մարզաշրջանի ընդառաջ կը ջանան ապահովել, որ ակումբի յաջողութիւնները մնան կայուն հունի մէջ։

Նախընթաց օր, Գնալը կղզիի մէջ Շիշլիի նորընտիր վարչութեան անդամները համախմբուեցան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս ընթրիքը, որուն կարգ մը վարչայիններ մասնակցեցան ընտանեօք։ Պաշտօնամուտի փուլին վարչայինները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին եւ յոյս յայտնեցին, թէ պիտի կարողանան համատեղ աշխատանքով ապահովել յառաջիկայ շրջանին նոր յաջողութիւններ արձանագրելու։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի ընթրիքէն դրուագ մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021