ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեանի, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի։

Ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, այս շաբաթ եւս զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին Գուզկունճուքի եկեղեցին, ուր ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։

Յաւարտ արարողութեան ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ս. Պատարագին մասնակից հաւատացեալները։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019