ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵԼՈՎ՝ ՈՐՈՇԵՑ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՌՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍԵԼ ՏեՂԱՊԱՀԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ

Երէկ երեկոյեան, պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ օր մը առաջ տեղի ունեցած տեսակցութեան յաջորդեց այս նիստը։ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, որ մասնակցած էր կուսակալութեան հանդիպման, փոխանցեց իրենց յղուած պատգամները։ Քննարկումները ծաւալուեցան որոշ չափով լարուած մթնոլորտի մը մէջ։

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) շրջանակներէն մեզի հաղորդուած անպաշտօն տուեալներով՝ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշեց վերջնական քայլ մը առնելու համար սպասել տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերադարձին։ Ինչպէս ծանօթ է, կը նախատեսուի, որ նորին սրբազնութիւնը Երկուշաբթի վերադառնայ քաղաքս։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017