ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ առաւօտ այցելեց Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքապետը չէր կրցած մասնակցիլ անցեալ շաբաթավերջի Ֆէրիգիւղի տարեկան սիրոյ սեղանին՝ անմիջապէս յաջորդող օրերուն ան այցելեց Մէրամէթճեան վարժարան, ուր հիւրընկալուեցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Քաղաքապետին կ՚ընկերանային իր խորհրդականներէն Սիրան Սուրքի եւ քաղաքապետարանէն այլ պաշտօնատարներ։

Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։ Ժանէթ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը նախաճաշի սեղան մը սարքած էր քաղաքապետին համար։ Ուսուցիչներու ճաշարանի երդիքին տակ սարքուած սեղանին շուրջ ստեղծուեցաւ շատ հաճելի մթնոլորտ մը։ Անմիջական զրոյցէն վերջ Հայրի Ինէօնիւ վարժարանի շէնքէն ներս կատարեց շրջայց մը։ Ան մուտք գործեց բոլոր դասարանները, ուր ծանօթացաւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց աշակերտներուն։

Շրջայցէն վերջ քաղաքապետը առաջնորդուեցաւ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի սենեակը, ուր հաստատութեան ընդհանուր կացութեան շուրջ քաղեց տեղեկութիւններ։ Հայրի Ինէօնիւի նկատառման յանձնուեցան նաեւ վարժարանի շէնքի ենթակառուցուածքներուն վերաբերեալ կարգ մը հարցեր։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները քաղաքապետին հրաժեշտ տուին ջերմ տպաւորութիւններով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017