ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ծրագրի գործադրութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ «Միշտ կարգապահ, միշտ կանգուն։ Կեցցէ՛ Լեւոն-Վարդուհեան» նշանաբանով պատրաստուած է 200-ամեակի ծրագիրը։

Յոբելենական շրջանի առաջին փուլին յայտնի կրթական մշակ Լեռնա Գարագիւթիւք այցելեց դպրոց, ուր ծանօթացուեցաւ իր մանկապատանեկան գիրքը։ «Դպրոցի ճամբուն վրայ» կոչուած այդ գիրքի ծանօթացման համար նախատեսուած էր աշխատանոցի ձեւաչափով ձեռնարկ մը։ Դպրոցի հինգերորդ, վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարաններու տղաքը մասնակցեցան այս ձեռնարկին։ Տղաքը նախ իրարու միջեւ զրոյց մը ունեցան գիրքին շուրջ եւ փոխանակեցին գաղափարներ։ Անոնք կանգ առին իրենց տեսակէտէ հրապուրիչ դրուագներուն վրայ։ Աւելի վերջ, Լեռնա Գարագիւթիւքի հսկողութեան տակ անոնք ալ փորձեցին իրենց հերթին տանիլ ստեղծագործական աշխատանք։

Աշխատանոցի աւարտին սաները շնորհակալութիւն յայտնեցին Լեռնա Գարագիւթիւքին, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ իրենց նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2019