«ՓՈՔՐԻԿ» ԱՄԱՆՈՐԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՃՈԽ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ներկայ տօնական շրջանին «Փոքրիկ» կայքէջը նոր թափ տուած է իր թողարկումներուն՝ ուղղեալ նորահաս սերունդին։ Մանկապատանեկան ընթերցումները խրախուսելու հետամուտ այս կայքէջը տօնական շրջանի համար՝ որպէս նուէր վերապահած է նոր նախագծեր։ Ուստի, «Փոքրիկ» հեքիաթարանը այս շրջանին դարձեալ ծրագիրները աշխուժացուցած է եւ կը սպասէ պատանի ընթերցասէրներու այցելութեան՝ առցանց միջավայրի մէջ։

Այս տարի «Փոքրիկ» հեքիաթարանը մանուկներուն նուիրեց Կաղանդի նոր երգ մը, որ կը կոչուի «Կաղանդի վալսը»։ Բոլոր մանուկները կը հրաւիրուին այս մէկը երգելու եւ անով պարելու։ Այս զուարճալի երգը ստեղծագործած են՝ Պօղոս Եղիեազար (խօսք եւ երաժշտութիւն), Արի Հերկել (յօրինում եւ նուագակցութիւն), Սարին Աքպաշ (մեներգ) եւ Առէն Սելվիօղլու (գծագրում)։

Բաց աստի, այս տարի դարձեալ ճոխ է «Փոքրիկ»ի Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի բնորոշ հեքիաթներու շարքը։ Կայքէջին վրայ արդէն զետեղուած եօթ հեքիաթներուն վրայ ներկայիս կու գան աւելնալ Անահիտ Սարգիսեանի կողմէ հեղինակուած Ս. Ծնունդի վերաբերեալ չորս նոր հեքիաթներ։ Հարկ է նշել, որ հեքիաթագիր Անահիտ Սարգիսեանի այս չորս նոր գործերը առաջին անգամ կը հրապարակուին «Փոքրիկ»ի կողմէ։ Սոյն հեքիաթները գծագրած է կայքէջի նկարչուհիներէն Մարալ Հեքիմեան։ Անոնք կայքէջի այցելուներուն կը մատուցուին վաստակաւոր կրթական մշակ Անի Պարոնեանի ընթերցմամբ։

Ի լրումն այս բոլորին, «Փոքրիկ» պատրաստած է նաեւ աշխատութեան էջեր, որոնք կը նպաստեն հեքիաթներու ըմբռնման եւ կը հրամցնեն զանազան վարժութիւններ։ Հեքիաթներու ընթերցողները վարժութիւններու շնորհիւ առիթ կ՚ունենան նոր բառեր սորվելու, խաչբառներ լուծելու, հարցումներով տուեալ հեքիաթը վերյիշելու եւ իրենց գաղափարները արտայայտելու։ Այժմ բոլոր Կաղանդի հեքիաթները արդէն ունին աշխատութեան էջեր, որոնք կոչուած են ուսուցիչներու դասաւանդութիւնները աւելի հաճելի դարձնելու։

«Փոքրիկ»ի թողարկումներուն կարելի է հետեւիլ նաեւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020