ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները այս տարի տեղի ունեցան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ։ Յամենայնդէպս, հոգեւոր ուրախութիւնը որոշ չափով զգալի էր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր պատարագեց Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Սուրբ Եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները եւ անդարձ բաժնուած բոլոր սպասաւորները։

Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Աքսուի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020