ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցին առթիւ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մխիթարեան վարժարանի աշակերտութիւնը մասնակցութիւն բերաւ արարողութիւններուն, որոնք անցան շատ խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ։ Ս. Պատարագի մասնակիցներուն ուրախակից եղան եւ տարեմուտի առթիւ բարեմաղթութիւններ յղեցին նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքի պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023