Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

«Պէյօղլուի զրոյցներ» խորագրեալ շարքին եզրափակիչ փուլը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Փերա փալաս» պանդոկին մէջ։ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան քաղաքական աշխարհէ ծանօթ դէմքեր, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ։ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Հրաւիրեալներու շարքին էր Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018