«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի սաներուն ընթերցման տօնը։ Հանդէսը կազմակերպուած էր դասավար Տոնարա Պեպուրեանի ջանքերով։ Ձեռնարկի մասնակից ծնողները եւ հիւրերը ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։

Յայտագրի ընթացքին տղաքը հանդէս եկան երգերով ու արտասանութիւններով։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները, ընթերցման տօնին օրը նուէրներով ուրախացուցին փոքրիկները։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018