ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կը շարունակեն յաջողութեամբ հանդէս գալ ճատրակի մրցաշարքերու մէջ։ Վերջերս դպրոցի ներկայացուցիչները մասնակցեցան «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը, որ նախատեսուած էր աստղերու եւ փոքրերու դասաւորման համար։ Մէրամէթճեան վարժարանի սաները այս մրցաշարքի արդիւնքին հանդիսացան երրորդ եւ չորրորդ։

Աստղերու դասաւորման խումբին մէջ էին՝ Մասիս Քարա, Արթուն Էօզպիւլպիւլ եւ Տարօն Սիրականեան։ Փոքրերու խումբին մէջ էին՝ Առէն Քիրփիքեան, Փառէն Մեծատուր եւ Լեթիսիա Սիւրմէեան։

Կը շնորհաւորենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018