ՀՐԱՏԱՊ ՊԱՅՔԱՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ շրջանին աշխատանք կը ծաւալուի արտասովոր պայմաններու ներքեւ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեան ներկայ կացութեան կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։

Համաճարակի ներկայ շրջանին Ազգային հիւանդանոցէն ներս կը գործէ մասնաւոր բաժանմունք մը՝ քառասուն մահճակալի տարողութեամբ։ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան նշեց, որ սկիզբին կասկածելի հիւանդները ուրիշ հիւանդանոցներ կ՚ուղարկուէին՝ տեղեակ պահելով գաւառակի առողջապահութեան տնօրէնութիւնը։ Պատկան իշխանութիւնները աւելի վերջ համաճարակի տարածման ծաւալը հաշուի առնելով նոր կարգադրութիւններ ըրին։ Այսպէս, այդ տնօրինութիւններուն հիման վրայ վարակուածները ուղղակիօրէն բուժելու պատասխանատուութիւնը վիճակեցաւ՝ որոշ չափանիշներու տէր հիւանդանոցներուն։ Այդ չափանիշներու շարքին էին՝ ունենալ խտացեալ խնամքի բաժանմունք, բորբոքումներու բաժանմունք, ներքին հիւանդութեանց բաժանմունք, սրտի եւ շնչառական բաժանմունք եւ այլն։ Իւրաքանչիւր ճիւղի պարագային մէկէ աւելի մասնագէտ ունենալն ալ նախապայման էր։ Նկատի ունենալով, որ այս չափանիշներու կարեւոր մէկ մասը կը գոհացնէր Սուրբ Փրկիչը, ապա ան արդէն դարձաւ համաճարակի հիւանդանոց։ Այդ փուլէն սկսեալ քորոնաժահրէ վարակուածի կասկածեալները սկսան պառկելով դարմանում տեսնել եւ խտացեալ խնամքի տակ առնուիլ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Այսինքն, անոնք, որոնք բարձր ջերմութիւնով, շնչառութեան նեղութիւնով կամ հազով կը դիմեն հիւանդանոց, անմիջապէս դարմանման տակ կ՚առնուին այս մահաբեր համաճարակին դէմ։ Դարմանումը, անշուշտ, կ՚ընդգրկէ նաեւ խտացեալ խնամքը։ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան շեշտեց, որ հիւանդանոցի բժշկական դասը կ՚աշխատի մասնաւոր ծրագրի մը համապատասխան։

Համաճարակի դէմ պայքարի համար յատկացուած է «Սեդրակ Թոքատ» բաժանմունքը։ Սկիզբին աւելի սահմանափակ թիւով հիւանդներու համար պատրաստութիւն տեսնուած էր, սակայն յաջորդ քայլափոխին այդ բաժանմունքին տարողութիւնը բարձրացուեցաւ 40 մահճակալի։ Բժշկապետը դիտել տուաւ, որ հաստատութիւնը բոլոր սարքաւորումներով եւ միջոցներով օժտուած է՝ համաճարակի այդ բաժանմունքի ծառայութիւնները կատարեալ ձեւով իրականացնելու համար։ Այս պահու դրութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի դարմանեալները ընդհանրապէս ունին կասկածելիի կարգավիճակ։ Նոյնիսկ խտացեալ խնամքի տակ պահուող հիւանդներու համար ի զօրու է այս պարագան։ Յառաջիկայ օրերուն քննութիւններու վերջնական արդիւնքներու լոյսին տակ յայտնի պիտի դառնայ, թէ ինչպիսի շարունակութիւն մը պիտի ունենայ անոնց դարմանման գործընթացը։

Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան դիտել տուաւ, որ անձնակազմի, մասնագէտներուն առընթեր, վարչական հրատապ կարգադրութիւններու համար արտասովոր թափով կ՚աշխատի նաեւ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Համաճարակի դէմ պայքարի գործընթացը յառաջ կը տարուի՝ Առողջապահութեան նախարարութեան, Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Իսթանպուլի կուսակալութեան հետ սերտ շփումներով, անմիջական համագործակցութեամբ։ Իւրաքանչիւր հրահանգի պարագային հիւանդանոցէ ներս համապատասխան կարգադրութիւնները կը կատարուին։ Այս վիթխարի աշխատանքը այնպիսի համակարգի մը մէջ կը տարուի, որ հիւանդանոցը արդէն իր կատարած աշխատանքին մասին որեւէ պաշտօնական մարմին իրազեկելու, տեղեակ պահելու անհրաժեշտութիւնը չունի։ Արդարեւ, առցանց համակարգի մը շնորհիւ հիւանդանոցէ ներս համաճարակի դէմ պայքարի համար առնուած իւրաքանչիւր քայլ անմիջապէս կը ցոլանայ Առողջապահութեան նախարարութեան պատկան պաշտօնեաներու պաստառներուն վրայ։ «Մեր աշխատանքին մէջ որեւէ թերութիւն չկայ, մեր մասնագէտ բժիշկները գործի գլուխ են ու մեծ յանձնառութեամբ ու նուիրումով գրեթէ կը բացառեն թերութիւնները։ Օժտուած ենք ամէն տեսակ անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ հոգաբարձութիւնն ալ այս բոլորը կը խրախուսէ իր ամբողջ հնարաւորութիւններով», ըսաւ բժշկապետ Մեծատուրեան։

Հարկ է նշել, որ Ազգային հիւանդանոցի մէջ համաճարակի դէմ պայքարի բաժանմունքը կը գլխաւորեն երկու հեղինակաւոր մասնագէտներ՝ Տքթ. Մագսուտ Ահպափ եւ Տքթ. Մելթեմ Եավուզ։ Ներկայ հրատապ իրավիճակին մէջ, ըստ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ի վիճակի է համաճարակի վերաբերեալ ամէն տեսակ դարմանում իրականացնելու։

Բնականաբար, այս շրջանին հիւանդանոցի ընդհանուր գործունէութեան առաջնահերթութիւնները փոխուած են։ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան դիտել տուաւ, որ բացի անխուսափելիներէն, ներկայիս հիւանդանոցի մէջ վիրահատութիւններ չեն կատարուիր։ Գործողութիւններու սահմանափակման զուգահեռ, բազմաբուժարաններէ (փոլիքլինիք) ներս տարուած աշխատանքն ալ կրճատուած է էապէս։ Բազմաբուժարաններ դիմող հիւանդներուն համեմատութիւնը ներկայիս կը կազմէ մօտաւոր անցեալի մէկ հինգերորդը։ Բացարձակապէս այցելուներ չեն ընդունուիր հիւանդանոց։ Նոյնիսկ հիւանդներու ուղեկից անձնակազմի թիւը կրճատուած է էապէս։ Հիւանդանոց մուտք գործող անձի մը պարագային եթէ բարձր ջերմութիւն ստուգուի, ապա ան անմիջապէս կ՚առնուի հսկողութեան տակ։

Համաճարակի դէմ պայքարի հիւանդանոց մը դարձած ըլլալու գործառոյթները լիարժէք ձեւով կը կատարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը։ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան մեզի յայտնեց, որ նոյնիսկ այս հրատապ պայքարի շրջանին մնայուն բնակիչներուն նկատմամբ ուշադրութիւնն ու խնամքը գագաթնակէտի վրայ է։ «Ներկայիս արտասովոր հոգածութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ ծերանոցը», ըսաւ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան եւ շեշտեց, որ մնայուն բնակիչներու համար կատարուած բոլոր քննութիւնները խտացուած են։ Արդարեւ, ակնյայտ է, որ համաճարակի պայմաններուն ներքեւ տարեցները դարձած են ա՛լ աւելի խոցելի եւ հիւանդանոցի անձնակազմն ալ բազմապատկած է ջանքերը՝ մնայուն բնակիչները խնայելու համար ամէն տեսակ անբաղձալի հաւանականութենէ։ Ներկայիս, ծերանոցէ ներս որեւէ քորոնաժահրի դէպք գոյութիւն չունի։ Մնայուն բնակիչներու առողջութիւնը երաշխաւորելու համար ամէն ինչ կը կատարուի վճռակամօրէն։ Որեւէ մանրամասնութիւն զանց չ՚առնուիր։  

Իր յայտարարութիւնները եզրափակելով՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան մաղթեց, որ այս համաճարակը ժամ առաջ յաղթահարուի, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պատուով դուրս գայ քորոնաժահրի դէմ պայքարէն եւ մեր երկրի ու մարդկութեան առօրեան ալ ժամ առաջ վերադառնայ բնականոն հունը։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2020