Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այս օ­րե­րուն կը գտնուի Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ան­ցեալ Ե­րեք­շաբ­թի յետ­մի­ջօ­րէին մեկ­նած է Քէօլն։ Ան այս օ­րե­րուն կը զբա­ղի Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նին վե­րա­բե­րեալ իր ըն­թա­ցիկ գոր­ծե­րով։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան քա­ղաքս վե­րա­դառ­նայ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017